«Արմինիըն Լայթհաուս» Բարեգործական Հիմնադրամի Գործունէութենէն

ՍԻԼ ՊԻՉ.- «Արմինիըն Լայթհաուս» բարեգործական հիմնարկը 2006ին կեանքի կոչուեցաւ Հայաստանի մէջ, իսկ անոր հիմնադիրն է Սեդա Ղազարեան: Ան առաջին անգամ Հայաստան կ՛այցելէ 1996ին, հայրենիքի կարօտն ու աւիշը ստանալու եւ իր ուխտը կը կատարէ Էջմիածինի մէջ դրան մօտէն մինչեւ խորան ծնկաչոք յառաջանալով: Ան իր մայր հողը կը համբուրէ տարիներու երազը իրականացած տեսնելով:
2000ին ան կրկին կ՛այցելէ Հայաստան՝ հանդիպելու Ղարաբաղի պատերազմին նահատակուած ազատամարտիկի ընտանիքին, որուն երկու տարիէ ի վեր նիւթական-բարոյական օժանդակութիւն կը հայթայթէր: Ան «Պտղունք» մանկապարտէզին մէջ կը հանդիպի տիկ. Մուրատեանին եւ անոր զաւակներուն, ապա կ՛այցելէ անոնց բնակարանը եւ յուզումով կը լեցուի սիրտը՝ տեսնելով այս ընտանիքին իրավիճակը: Պատերազմը խլած էր իրենցմէ անոնց ընտանիքի սիւնը: Այս այցելութիւնը կ՛ամրապնդէ իր կապը հայրենիքի զաւակներուն հետ ու ան կը սկսի «Պտղունք» մանկապարտէզին օժանդակելու, մանուկներուն սննդեղէն մատակարարելով:

կարդալ ավելին: http://goo.gl/sQM789#sthash.h984AqU8.dpuf